Պատրիարքական աթոռին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները դարձեալ լայն արձագանգ գտած են Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ շրջանակներէն ներս: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի ամբողջ անցուդարձին: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան մեկնաբանութիւն մը տուաւ վերջին իրադարձութիւններուն առընչութեամբ: Ան յայտնեց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յառաջիկային դիրքորոշում պիտի յայտնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:
Ըստ Վահրամ քհնյ. Մելիքեանի՝ Պոլսոյ կուսակալութեան կողմէ պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնագիրին պիտի անդրադառնան Աթոռի եկեղեցական մարմինները: «Ուստի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ պէտք է սպասել պատրիարքարանի պատկան մարմիններու որոշման», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իր յառաջիկայ ժողովը պիտի գումարէ 20 Փետրուարին եւ պիտի արտայայտէ իր դիրքորոշումը:
Վահրամ քհնյ. Մելիքեան ընդգծեց, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մշտական կապի մէջ է պատրիարքական տեղապահին եւ Աթոռի եպիսկոպոսներուն հետ: «Վեհափառ Հայրապետի սպասումն է, որ Աթոռի իրաւասու մարմինները ստեղծուած կացութիւնը յաղթահարեն համաձայն պատրիարքութեան գործող սահմանադրութեան եւ եկեղեցական ընկալեալ կանոններու, հանդարտ եւ համերաշխ ոգիով», յայտնեց Վահրամ քհնյ. Մելիքեան: