Շաբաթ, 3 Փետրուարի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ «Քրիստափոր» գրադարանի կազմակերպած միջդպրոցական ուղղագրութեան մրցումը: «Լեւոն Շանթ» սրահի մուտքին հաւաքուած էին փունջ մը աշակերտներ, իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն հետ՝ անհամբեր սպասելով բոլոր մասնակիցներուն ժամանումին: Անոնք եկած էին Հալէպի Ազգ. միացեալ վարժարանէն, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն, Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպէրճան երկրորդական վարժարանէն, Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանէն, Զուարթնոց վարժարանէն, Մխիթարեան վարժարանէն եւ Կիլիկեան ճեմարանէն:
Ժամը 10ը քիչ մը անց, 5րդ եւ 6րդ կարգերու մասնակիցները իրենց յատկացուած սեղաններուն շուրջ նստած անհամբեր կը սպասէին մրցումին սկսելուն:
Մրցումը սկսելէն առաջ օրուան բեմավարներէն Սագօ Չալօղլեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց «Քրիստափոր» գրադարանի հարիւրամեայ պատմութիւնը: Ապա միւս բեմավարը՝ Սեւանա Հալլաճեան թելադրեց ուղղագրութեան հատուածը, որ Յակոբ Պարոնեանի «Օտարամոլութիւնը» գրութեան առաջին պարբերութիւնն էր: Քանի մը տողերու մէջ Յ. Պարոնեան կը բնութագրէր օտարամոլութիւնը՝ բոլորիս ծանօթ իր երգիծական ոճով:
Յաջորդ փուլը միջնակարգի 7րդ, 8րդ եւ 9րդ կարգերուն յատկացուած բաժինն էր: Անոնց թելադրուած էր Աւոյի հաւաքած Գէորգ Չաւուշի կենսագրականի գիրքէն՝ «Առաքելոց Վանքի Կռիւը» գլուխէն հատուած մը, ուր մանրամասն կերպով նկարագրուած էր Առաքելոց վանքը եւ անոր շրջակայքի շքեղ բնութիւնը: Նկատի առնելով հատուածին զգացական ազդեցութիւնը, մասնակիցները, այս փուլին, կը գտնուէին կրկնակի դժուարութեան դիմաց:
Դադարի ընթացքին դատական կազմի անդամները սրբագրեցին մասնակիցներուն գրութիւնները: Մրցումի արդիւնքներուն եւ սրբագրութեան անկողմնակալութիւնը պահպանելու միտումով, գրադարանի վարչութիւնը պատրաստած էր յատուկ թուղթեր, որոնց վրայ արձանագրուած մասնակիցին անունն ու վարժարանը կը մնային ծածուկ՝ մինչեւ արդիւնքներուն յայտարարութիւնը:
Մրցումի երրորդ փուլին, որուն մասնակիցները երկրորդականի 10րդ, 11րդ եւ 12րդ կարգերէն էին, բեմավարուհին թելադրեց Մինաս Չերազի «Ծեր Լեռնականը» պատմուածքէն հատուած մը, որ կը նկարագրէր 1895ի Զէյթունի ապստամբութիւնը:
Բոլոր փուլերու աւարտին, բեմավարները ներկաներուն թելադրուած հատուածներուն ու անոնց հեղինակներուն մասին համառօտ բացատրութիւն տուին: Յիշենք, որ ընտրուած բաժինները կը պարունակէին ոչ միայն ուղղագրական թակարդներ, այլեւ դաստիարակչական պատգամներ:
Մասնակիցներն ու անոնց հետ ժամանած ուսուցիչները, ծնողներն ու ընկերները, բոլորն ալ լուրջ մօտեցում ցուցաբերեցին եւ կարգապահութեամբ ու դրական մօտեցումով հետեւեցան մրցումի ընթացքին, ինչ որ գրադարանի վարչութեան տարած կազմակերպչական աշխատանքին կողքին, նպաստեց մրցումի հեզասահ ընթացքին:
Մրցումը հասած էր իր աւարտին: Արդիւնքները յայտարարելէ առաջ, գրադարանի վարչութենէն Յովիկ Ղազարեան բացատրութիւն տուաւ ներկաներուն որդեգրուած սրբագրութեան ձեւին մասին, ապա անցաւ արդիւնքներու յայտարարութեան: Արդիւնքները կը կրէին հետեւեալ պատկերը.
5րդ եւ 6րդ կարգերէն առաջին հանդիսացած էր Ազգային միացեալ վարժարանէն Արէն Խրոյեան, երկրորդ՝ Զուարթնոց վարժարանէն Մկօ Սողոյեան, իսկ երրորդ՝ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանէն Անթօ Նէնէճեան: 7-8-9րդ կարգերէն առաջին հանդիսացած էր Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանէն Քարէն Գատէհճեան, երկրորդ՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Նայիրի Արապաթլեան, իսկ երրորդ՝ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանէն Բալիկ Իսկէնեան: 10-11-12րդ կարգէրէն առաջին հանդիսացած էր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Տեսիլ Սարեան, երկրորդ՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Մէյրի Տրմաշ, իսկ երրորդ՝ Մարմանդ Գեւոյեան, նոյնպէս Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն: Յաղթող աշակերտները իրենց մրցանակները ստացան գրադարանի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ալապոզանեանի ձեռամբ, որ իր կարգին վարչութեան խօսքը արտասանեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն ու ներկաներուն:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
(Թղթակից)