
ԼՈՐԸՆՍ, Քենզաս.- Ռապըրթ եւ Էլիզապէթ Տոլի անուան հիմնարկը, որ հաստատուած է Քենզասի համալսարանին մէջ, որոշած է երկու կրթանպաaստներ տրամադրել Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու համար։ Կրթանպաստները ստացած են հեղինակ Մայքըլ Պոպէլեան եւ փրոֆ. Ժիւլիէն Զարիֆեան։
Մայքըլ Պոպէլեան, որ նշեալ հիմնարկի արխիւներու բաժանմունքի աշխատակիցներէն է, համալսարանի արխիւներու բաժանմունքին հետ գործակցաբար պիտի կազմէ համացանցային շտեմարան մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան ընթացքին ու անկէ ետք՝ Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեանց, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Ռապըրթ Տոլի հայանպաստ գործունէութեան։
Նշենք, որ Պոպէլեան Փետրուար 15ին, «Ամերիկա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» նիւթով հանրային դասախօսութիւն մը ունեցած է նոյն համալսարանին մէջ։
Իր կարգին, փրոֆ. Ժիւլիէն Զարիֆեան պիտի ամբողջացնէ «Միացեալ Նահանգները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը» նիւթով իր ուսումնասիրութիւնը։ Ան Ֆրանսայի մէջ ամերիկեան պատմութեան դասախօս է, որ այս կրթական տարեշրջանին «Ֆուլպրայ»չ կրթանպաստով ուսումանասիրութիւններ կը կատարէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկի Ցեղասպանութեան յառաջացեալ ուսումնասիրութեանց կեդրոնին մէջ։
Նշենք, որ հայութեան հետ ծերակուտական Տոլի առնչութիւնը սկսած է Իտալիոյ մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, երբ վիրաւորուած Տոլի ֆիզիքական եւ հոգեկան դարմանումին մէջ մեծ դեր ունեցած է տոքթ. Համբար Քէլիքեանը, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող մըն էր։ Այդ պատճառով, Տոլ Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու ջանքերուն ջատագով մը եղած է։