ԷՆՍԻՆՕ.- Մեծ Պահոց շրջանի նախօրեակին, Կիրակի, 11 Փետրուարին, Բարեկենդանի տօնն էր։ Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակներուն հետ եւ ուղղեց իր հոգեւոր պատգամը։
Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան։ Աղօթակից էր Եփրեմ արք. Թապագեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Իր պատգամին մէջ, սրբազանը կանգ առաւ օրուան խորհուրդին՝ Բուն Բարեկենդանին վրայ, նշելով, որ այս օրը կը խորհրդանշէ Ադամի եւ Եւայի դրախտային երջանիկ կեանքը, երբ անոնք Աստուծոյ ներկայութիւնը կը վայելէին ու Անոր կամքին կը հնազանդէին, մինչեւ որ մեղանչեցին եւ արտաքսուեցան այդ երանական վիճակէն, սակայն Աստուծոյ սէրն ու ողորմածութիւնը այնքան մեծ էր, որ Ան իր Միածինը՝ Յիսուս Քրիստոսը, աշխարհ ղրկեց, մարդոց փրկութեան համար։ Առաջնորդը ըսաւ. «Վաղը պիտի թեւակոխենք Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը, որ քրիստոնեային համար ինքնաքննարկումի, հոգեկան վերանորոգութեան եւ ֆիզիքական ու ներքին վերակազմակերպման շրջան մըն է»։
Շեշտելով ողորմածութեան կարեւորութիւնը՝ առաջնորդը նշեց, որ ողորմած ըլլալ՝ կը նշանակէ արդար ըլլալ մեր նմաններուն հանդէպ, բարիք գործել եւ մանաւանդ մեր ունեցած բարիքներէն ու շնորհքներէն բաժին հանել կարիքաւորին ու տնանկին։
Աւարտին, սրբազանը մաղթեց, որ ծոմապահութեան շրջանը հաւատացեալներուն համար ըլլայ բարիքներով լեցուն շրջան մը, եւ անոնք մարմինով ու հոգիով պատրաստ ըլլան քրիստոնէական աշխարհի մեծագոյն տօնին՝ Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ առյաւէտ բաժնուած ննջեցեալներու հոգիներուն համար։ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի Ճեմարանականներու միութեան խնդրանքով, եօթնօրէքը կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու ազգային գործիչ Յակոբ Եափուճեանի։ Առաջնորդը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Եափուճեանի անձնուէր գործունէութեան մասին՝ նշելով, որ ան անկեղծ, կարգապահ, ուղղամիտ եւ համեստ անձ էր, որ հաւատքով ու նուիրուածութեամբ ծառայեց ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին։
Արարողութենէն ետք, սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով եւ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ բակ՝ կատարելու համար «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճի մուտքին գտնուող նուիրատուներու յուշապատի օրհնութիւնն ու բացումը։ Ան նախ եւ առաջ օրհնեց նուիրատուները, կատարեց յուշապատի օրհնութիւնը, ապա քօղազերծեց յուշապատը՝ ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեանի։
Յանուն հոգաբարձութեան, տէր հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ շնորհակալութիւն՝ բոլոր նուիրատուներուն։ Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը։