20 Փետրուար 20ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ մեկնարկեց Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին կը քննարկուի նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հարցը:
Խումբ մը քաղաքացիներ, որոնց մէջ նաեւ պոլսահայեր, Մայր Աթոռին դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպեցին ընդդէմ Պոլսոյ պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին վերադարձած Արամ արք. Աթէշեանի:
Մայրավանքի բակին մէջ, Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի պետ Նաթան արք. Յովհաննիսեան դիմաւորեց ցուցարարները: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները Նաթան սրբազանին յանձնեցին պահանջագիր-նամակ մը՝ զայն գերագոյն հոգեւոր խորհուդրի մասնակիցներուն ներկայացնելու ակնկալիքով:
Good luck!!