ՊԷՅՐՈՒԹ, «Մայատին».- Սուրիոյ կառավարութեան համակիր յաւելեալ ուժեր մուտք գործեցին Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Աֆրին քաղաքը՝ օժանդակելու համար թրքական յարձակումը ետ մղելու պայքարին, մինչ թրքական ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Փետրուար 23ին թրքական հրետանին կրակ բացած է դէպի Աֆրին յառաջացող 30էն 40 փոխադրակառքերու վրայ։
Նշենք, որ Աֆրինի բնակիչները ոգեւորութեամբ կ՛ընդունին քաղաք հասնող կառավարամէտ ուժերը:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարներ յայտնեցին, որ հազարաւոր զինեալներ կը հաստատուին Աֆրինի ճակատներուն վրայ, մինչ Աֆրին հասած ուժերու ղեկավարները վճռակամութիւն յայտնեցին Աֆրինի մէջ կռուելու, «ինչպէս կռուեցանք սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ»:
Իր կարգին, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի, մեկնաբանելով այդ զարգացումը՝ ըսաւ. «Բոլոր անոնք, որոնք ահաբեկչութեան կ՛աջակցին, մեզի համար թիրախներու պիտի վերածուին: Սուրիական վարչակարգին Աֆրին ուղարկած զինեալ խմբաւորումները բացարձակապէս կարողութիւնը չունին այդ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ մեր գործադրած պայքարին արդիւնքը փոխելու։ Ա՛ն, որ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի՝ ահաբեկի՛չ է, եւ այդ մէկը շատ յստակ կ՛արտայայտենք», եւ իր նախագահին նման՝ ահաբեկիչ որակեց Միացեալ Նահանգները, որ կ՛աջակցի Աֆրինը պաշտպանող քիւրտերուն:
Մինչ այդ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու մէկ բանբերը յայտնեց. «Աֆրին ուղարկուած զինեալները բաւարար չեն Թուրքիոյ յարձակումը կասեցնելու, ուստի՝ Սուրիոյ բանա՛կը պէտք է գայ պաշտպանելու համար Աֆրինը»:
Միւս կողմէ, սուրիական ապահովական աղբիւր մը «Սփութնիք»ին յայտնած է, թէ քիւրտ զինեալները համաձայն գտնուած են Հալէպ նահանգի հիւսիսը գտնուող Թալ Ռիֆաաթ քաղաքը յանձնելու սուրիական բանակին: