ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճանի՝ «Ինթըրփոլ»ին ներկայացուցած դիմումը՝ գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ձերբակալման վերաբերեալ, բոլորովին զուրկ է որեւէ իրաւական հիմքէ եւ ինքնաբերաբար դատապարտուած է «Ինթըրփոլ»ի մերժումին:
Վերջինս արդէն իսկ անցեալին մերժած է Ատրպէյճանի նման դիմումները, որոնք զուտ քաղաքական բնոյթ ունին եւ պարզապէս ապարդիւն փորձեր են միջազգային հանրութեան պարտադրելու Ալիեւի բռնակալ վարչակարգի կամքը:
Ատրպէյճանի նման յուսահատ քայլերու առաջին նպատակն է մամուլին մէջ աժան աղմուկ բարձրացնել եւ ընդհանրապէս վախի մթնոլորտ յառաջացնել: Այս օրերուն, երբ Եւրոխորհրդարանին մէջ պիտի նշուի Արցախեան շարժման 30ամեակը, Ատրպէյճան կը փորձէ նման յերիւրանքներով եւրոպական հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղել:
Գասպար Կարապետեան, մեկնաբանելով իր հասցէին տարածուած յերիւրանքը՝ ըսաւ. «Նման անհեթեթ նախաձեռնութիւններ միայն կրնան ապացուցել Ատրպէյճանի իշխանութեան յուսահատ քայլերը: Արդեօք պէ՞տք է յիշեցնել Ալիեւին, թէ ինչ արագութեամբ մերժուեցաւ վերջինիս «Ինթըրփոլ»ին ուղարկած թղթածրարը, որ կը բողոքէր Եւրոխորհրդարանի երեք պատգամաւորներու Արցախ այցելութեան դէմ»:
Կարապետեան շարունակեց՝ ըսելով, թէ Ատրպէյճանի իշխանութեան առած այս քայլը որեւէ իրաւական հիմք չունի եւ յստակ է, որ իւրաքանչիւր եւրոպացի քաղաքացի, անհատ, լրագրող կամ քաղաքական գործիչ, որ կը փափաքի Արցախ այցելել՝ իրավիճակին մասին տեղեկանալու նպատակով, այդ իրաւունքը ունի: Աւելին, Եւրոմիութիւնը՝ որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան կառոյց եւ իբրեւ համաշխարհային ազդեցութիւն ունեցող «փափուկ ուժ», կը հաստատէ, որ իր ներկայացուցիչները իրաւունք ունին այցելելու Արցախ՝ առանց պայմանականութիւններու:
«Ատրպէյճանի իշխանութիւնը կը խրատեմ, որ փոխանակ իր ժամանակը սպառելու այսպիսի ապարդիւն նախաձեռնութիւններով, զբաղի իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները լուծելով», եզրափակեց Կարապետեան:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը հաստատէ Հայ Դատի պաշտպան իր հայրենակիցներուն, որ գրասենեակի անձնակազմը, ղեկավարուելով յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի կողմէ՝ աւելի մեծ խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր գործը: