ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Մորիթանիա իր այցելութեան ընթացքին անգամ մը եւս ասպարէզ կարդաց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, այս անգամ՝ Երուսաղէմի հարցով։
Էրտողան, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն շարունակաբար կը քննադատէ Սուրիոյ մէջ «ահաբեկիչներու» հետ գործակցող Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները, այս անգամ պնդեց, թէ Երուսաղէմի հարցով իր համոզումներէն երբե՛ք պիտի չզիջի։
Արդարեւ, հակադարձելով Թրամփի այն յայտարարութեան, թէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքն է, Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիոյ համար Երուսաղէմը պաղեստինցիներու մայրաքաղաքը կը նկատուի։