ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ուրֆայի մէջ թրքական ատեան մը Հինգշաբթի, Մարտ 1ին, 2.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց այլ քիւրտ երեսփոխան մը՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան անդամ Տիլեք Օճալանը, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի զարմիկն է։ Տիլեք Օճալան Ուրֆայի ատեանին կողմէ դատապարտուեցաւ պարզապէս՝ թրքական բանակին կողմէ սպաննուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամի մը թաղման արարողութեան մասնակցելուն համար, ինչ որ «ահաբեկչութեան աջակցութիւն» նակտուեցաւ դատարանին կողմէ։
2016ի պետական ձախող հարուածի փորձէն ետք, քրտամէտ կուսակցութիւնը թրքական իշխանութեանց հալածանքին գլխաւոր թիրախներէն մէկը դարձած է, եւ անոր 59 երեսփոխաններէն աւելի քան տասն կորսնցուցած են իրենց խորհրդարանական աթոռները։
Փետրուար 28ին, քրտամէտ կուսակցութեան այլ երեսփոխան մը՝ Սելմա Իրմաք, 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ «ահաբեկչութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարել»ու շինծու ամբաստանութեամբ։