ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին տարեկան 30րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 18ին, կ.ե. ժամը 5էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի «Ֆորթ Ուաշինկթըն» ակումբի սրահին մէջ:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է համալսարանի նախագահը՝ դոկտ. Ճոզէֆ Քասթրօ, որ 2013ին սոյն համալսարանի 8րդ նախագահը ընտրուելէն ի վեր՝ եղած է Հայագիտական ծրագիրին զօրակցողներէն մէկը եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է համալսարանի շրջափակէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի կառուցման ծրագիրի իրականացման մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին Հայագիտական ծրագիրէն շրջանաւարտ եղող եւ կրթանպաստներ ստացող աւելի քան 40 ուսանողներ:
Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է, իսկ համալսարանի ուսանողներուն եւ անձնակազմին համար՝ 25 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: