ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 Մարտին խորհրդակցութեան հրաւիրեց կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ քննարկելու 2018ին Հայաստանի մէջ կայանալիք կարեւորագոյն պետական միջոցառումներու նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:
Սոյն միջոցառումներու շարքին են Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը եւ անոր ծիրին մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական համաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակը, Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակը:
Տարուած աշխատանքներուն մասին զեկոյցներով հանդէս եկան արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Ստեփանեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Զեկուցողները վստահեցուցին, որ ծրագրուած աշխատանքները կ՛ընթանան մշակուած ժամանակացոյցներուն համաձայն եւ որ վերոնշեալ պետական միջոցառումները կը կազմակերպուին պատշաճ մակարդակով: