Սթոքհոլմի խաղաղութեան հարցերով միջազգային հետազօտական հիմնարկը՝ ՍԻՓՐԻն, իր 2013-2017 թուականներու սպառազինման միջազգային առուծախի մասին նոր զեկուցումին մէջ կը նշէ, որ 2017ին, ինչպէս նախորդ տարիներուն, զինուորական բախումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Ինչպէս կը նշուի, Հայաստանի կողմէ գնուած հիմնական սպառազինումը փոքր ծաւալներով եղած է, եւ ներածուած բոլոր զինատեսակները ձեռք բերուած են Ռուսիայէն: Մինչդեռ Ատրպէյճանի ներածած զէնքի ծաւալները շատ աւելի մեծ են եւ կը կազմեն համաշխարհային ներածման 1.3 առ հարիւրը:
Զեկուցումին մէջ կ՛ընդգծուի, թէ Ատրպէյճանի զէնքի ներածման ծաւալները 2013-2017 թուականներուն 55 առ հարիւրով աւելի են՝ 2008-2012 թուականներուն համեմատ: Ատրպէյճանի զէնքի հիմնական մատակարարներն են Ռուսիան (65 առ հարիւր) եւ Իսրայէլը (29 առ հարիւր):