ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»: ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիոյ սուրիական Աֆրին քաղաք ներխուժումին մէջ քաղաքական առեւտուրը ակնյայտ է:
«Համաձայն չըլլալով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ անօրէն քայլերուն, ըստ երեւոյթին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի փափաքիր Թուրքիոյ հետ առճակատումի երթալ: Այս մօտեցումը քրտական ուժերը որոշ չափով մղեց, որ նահանջեն եւ Աֆրինի վիճակը չըլլայ այն, ինչ եղաւ այլ քաղաքներու մէջ, ուր տարբեր զինեալներ երկար ժամանակ դիմադրութիւն ցոյց տուին՝ իրենց հակակշիռին տակ պահելու տուեալ բնակավայրերը, սակայն անոնք ամբողջութեամբ քանդուեցան: Աֆրինի մէջ այդպէս չեղաւ, թէեւ Թուրքիա հիմա կը յոխորտայ, որ ինք յաղթեց, սակայն իրականութիւնը այն է, որ քրտական ուժերը որոշած էին քաշուիլ եւ փարթիզանական կռիւներ մղել, որպէսզի ի վերջոյ թրքական ուժերը դուրս մղեն այդ շրջանէն», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Անոր խօսքով, հարցը նաեւ այն է, որ Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ այսքանով պիտի չսահմանափակուի, ընդհակառակն, իր գործողութիւնները պիտի շարունակէ՝ հասնելու համար Սուրիա-Իրաք սահմանը, որպէսզի իր հարաւային սահմանը անվտանգ պահէ:
Անդրադառնալով այս ծիրէն ներս Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող հայութեան սպառնացող վտանգներուն՝ Մանոյեան ըսաւ. «Հիւսիսային հիմնական քաղաքը, ուր հայեր կը բնակին, Գամիշլին է. եթէ իսկապէս գործողութիւնները այնտեղ հասնին, ապա սա կը նշանակէ, որ հայութիւնը վտանգի տակ կրնայ յայտնուիլ: Թէ որքա՞ն հայ կը բնակի այդ հատուածին մէջ՝ յստակ տեղեկութիւն չկայ, սակայն մօտաւորապէս քանի մը հազարի մասին է խօսքը: Ես վստահ չեմ, որ զանազան ուժեր՝ ըլլան անոնք ամերիկեան թէ ռուսական, թոյլ կու տան, որ Թուրքիա այդքան ծաւալի»:
Նկատի առնելով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները‘ Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծման ուղղուած քաղաքական գործընթացը վտանգուած է:
«Սուրիական տագնապը արագօրէն պիտի չհասնի իր աւարտին, որովհետեւ ան դուրս եկած է ներսուրիական հարց ըլլալէ եւ վերածուած տարածաշրջանին մէջ շահեր ունեցող տարբեր ուժերու ուղղակի բախումին: Այս իրավիճակը, բնականաբար, պիտի ուշացնէ Սուրիոյ ներքաղաքական հարցերու լուծումը: Քաղաքական լուծման ուղղուած զանազան ձեւաչափերով քննարկումները կը շարունակուին, բայց հարցին լուծումը չի կարգաւորուիր այնքան ատեն, որ այդ ուժերը դուրս չեն եկած Սուրիայէն», դիտել տուաւ Մանոյեան: