ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի աշակերտները իրենց դաստիարակներուն հետ այցելեն Ազգ. առաջնորդարան եւ ստանան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը։ Այս տարի, օդի անձրեւոտ ու աննպաստ պայմաններուն պատճառով, սրբազանը ինք այցելեց վարժարան եւ մտերմիկ պահ մը անցուց աշակերտներուն, դաստիարակներուն ու վարչուհիին հետ։ Առաջնորդին կ՛ընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան։
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Մարտի կէսօրին։ Մանկամսուրի մուտքին, սրբազանը դիմաւորուեցաւ վարչուհիին՝ Կարին Չուքատարեանի, եւ անձնակազմին կողմէ, որոնց հետ այցելեց բոլոր դասարանները եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց մանուկներուն։ Աշակերտները երգերով ու արտասանութիւններով դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազանը։ Յատկապէս Կապոյտ դասարանը պատրաստած էր Հայաստանի ու Զատկուան նուիրուած երգեր ու արտասանութիւններ, որոնք տօնական օրերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի մթնոլորտով համակեցին ուսումնարանին յարկը։
Աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցներ ունենալով՝ առաջնորդը գնահատեց անոնց մատուցումները, դրուատեց դաստիարակները, ապա կեդրոնացաւ Ծաղկազարդի ու Ս. Յարութեան տօներու խորհուրդներուն վրայ՝ ընդգծելով, որ Յիսուս կը սիրէ մանուկները։ Սրբազանը մանուկները յորդորեց եկեղեցի յաճախել եւ հաղորդակից ըլլալ մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեանց ու աւանդներուն։
Հանդիպումը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ։