ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման ռուսական «Ար.Թի.Վի.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդունած է, թէ Իսրայէլ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն պատճառով է որ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հաղորդավարը Լիպերմանին հարցուցած է. «Միջազգային որոշ կառոյցներ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դուք ի՞նչ կը մտածէք այս մասին», նախարարը պատասխանած է. «Ատիկա նախ եւ առաջ պատմական եւ վիճայարոյց հարց է: Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրին վերաբերեալ Իսրայէլի դիրքորոշումը վճռական է: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ուղղակիօրէն կապուած է Ատրպէյճանի հետ մեր լաւ յարաբերութիւններուն: Անշուշտ, այդ յարաբերութիւնները մեզի համար շատ աւելի կարեւոր են»: