Իտալացի յայտնի ջութակահար եւ ալթահար Մարքօ Միշանիայի եւ հանրածանօթ օփերայի երգիչ, «Զուարթնոց» խումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Կոնինեանի, Գառնիի հեթանոսական տաճարին մէջ նկարահանուած «Արեւի Երգը՝ Արեւի Աստուծոյ Տաճարին Մէջ» ժապաւէնը ուղղուած է Իտալիոյ հասարակութեան:
Միասնական ժապաւէն նկարահանելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն»ի տնօրէն Արա Թարվերդեանին:
Իտալացի երաժիշտին հետ վերջերս կայացած հանդիպման մը ընթացքին, կազմակերպութեան ղեկավարը խօսեցաւ իր մտայղացման մասին: Մարքօ Միշանիան մեծ ոգեւորութեամբ արձագանգած է առաջարկին, որմէ ետք համաձայնութիւն գոյացած է յայտնի ջութակահարի երեւանեան համերգի կազմակերպիչ «Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի տնօրէնութեան հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնէն:
Հայ-իտալական գործակցութիւնը միտուած է Գառնիի հենթանոսական տաճարի հանրահռչակման, նաեւ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ իտալացի զբօսաշրջիկներու մօտ հետաքրքութիւն առաջացնելուն: