ՓԱՐԻԶ.- Հայ Առաքելական եկեղեցին 7 Ապրիլին կը նշէ Ս. Աստուածածինի Աւետման տօնը: Սոյն թուականը Հայաստանի մէջ ալ հռչակուած է Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր: Այս առթիւ, Կիրակի, 8 Ապրիլին տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն մը, Վալանսի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Վալանսի Դաւիթեան հայկական վարժարանի ուսուցչական կազմին:
Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ սկսաւ յայտագիրը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի ուսուցչուհի Սիւզան Փեհլիվանեան, որ փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող մօր անմոռանալի եւ էական դերը, որպէս ընտանեական սուրբ խորանի անշէջ ջահ։ «Ընտանեական սուրբ խորանի անշէջ ջահը դուք էք, սիրելինե՛ր: Ուզում եմ գարնան բոլոր ծաղիկները շաղ տալ ձեր ոտքերի տակ եւ շշնջալ, թէ գարունը ձեր գեղեցկութեամբ ու թարմութեամբ է գալիս, բնութեա՛ն պարգեւ, մա՛յր, դո՛ւ իմաստուն», ըսաւ ան:
Ձեռնարկի յաջողութեան իրենց բաժինը բերին երգիչ Վիգէն Մարգարեան եւ դաշնակահարուհի Սոնիա Վարդանեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդ երաժիշտներ Յակոբ Սարեան եւ Էրիք Գաբրիէլեան։
Տօնական բարձր տրամադրութիւնը առաւել հաճելի եւ իմաստալից դարձուցին տէր հօր եւ ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած աշակերտական բեմադրումը, միջոցառումներն ու խաղերը: