Ի տարբերութիւն նախորդ չորս նոյնատիպ գիտաժողովներուն, Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» գիտաժողովը ծրագրուեցաւ կազմակերպել երկու հանգրուանով, որուն առաջինը պիտի կայանար Գահիրէի մէջ, 12-13 Ապրիլ 2018ին, իսկ երկրորդը՝ Մայիս 29-30ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Յիրաւի, Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2018ի երեկոյեան, Գահիրէի «Կոկանեան» սրահին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ գիտաժողովին, ներկայութեամբ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ սրբազան Մնացականեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեանի, Եգիպտոսի հայօճախի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, եգիպտահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մշակոյթով ու պատմութեամբ հետաքրքրուող եգիպտահայ խաւին:
Գիտաժողովին այս հանգրուանը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Եգիպտոսի Հայոց առաջնորդարանին: Պաշտօնական բացման հանդիսութեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ողջունելով ներկայութիւնը վեր. դոկտ. Հայտոսթեանի եւ հրաւիրեալ բանախօսներուն: Այնուհետեւ մասնաւոր իր շնորհակալութիւնը յայտնեց դոկտ. Տագէսեանին, որ սոյն գիտաժողովի իրականացումին մղիչ ուժը հանդիսացաւ: Ան նշեց նաեւ, որ նման գիտաժողովներ առիթ են ոչ միայն մօտէն ծանօթանալու հայ ժողովուրդի զաւակներուն տուեալ երկրին մէջ եւ ազգային կեանքէն ներս բերած նուիրեալ մեծ ծառայութեան ու ծաւալած գործունէութեան։
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ գնահատանք յայտնեց առաջնորդարանին եւ դեսպանութեան գործակցութեան՝ իրականացնելու համար այս իւրայատուկ գիտաժողովը: Ան ընդգծեց, որ Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը պէտք է ըլլայ արդիւնքը հաւաքական ճիգի, ըլլայ ճկուն մեթոտներով, միջ եւ բազմա-ուսմունքային, առարկայական եւ անկաշկանդ, ունենայ քննական մօտեցում եւ չքննէ միայն անցեալը, այլեւ՝ այսօրը եւ անդրադառնայ վաղուան, ու զուգահեռուին հայ ու օտար սփիւռքները:
Իր խօսքին մէջ, դոկտ. Տագէսեան, ի միջի այլոց, առանձնացուց գիտաժողովին առնչութեամբ երեք խորհուրդներ. ան դիտել տուաւ Միջին Արեւելքի հայօճախներու փոխհամագործակցութեամբ յառաջացող այն համոզումը, որ շրջանի նօսրացող հայօճախները երբ համագործակցին, նօսրացման հետեւանքով յառաջացող դժուարութիւններ կարելի կը դառնայ զօրակցութեամբ հարթել։ Ան շեշտեց նաեւ մէկութեան գաղափարը, այն առումով, որ Միջին Արեւելքի հայը իր մտապաստառին վրայ այս ձեւով կը տեսնէ միջինարեւելեան հայութիւնը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ ըստ այդմ կը գործէ: Հուսկ, ան կոչ ըրաւ, որ այս գիտաժողովը նախանշան ըլլայ եգիպտահայ համալսարանականներու պարբերական խորհրդաժողովներու կայացումին, որով երիտասարդ սերունդը աւելի մեծ համեմատութեամբ պիտի ընդգրկուի եգիպտահայ կեանքին մէջ: Անդրադառնալով գիտաժողովին, դոկտ. Տագէսեան մատնանշեց, որ գիտաժողովին երկրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ աւելի ծաւալուն, պիտի ընդգրկէ 27 զեկոյց եւ տեղի պիտի ունենայ 29 եւ 30 Մայիս 2018ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Այնուհետեւ, սկիզբ առաւ առաջին նիստը, որուն աւարտին զեկուցողներն ու հիւրերը ուղղուեցան ՀՄԸՄի մօտակայ «Արարատ» ակումբը, ուր հիւրասիրուեցան եւ ուր ծաւալեցաւ օգտակար ճանաչողական ու տարբեր հայօճախները յուզող խօսակցութիւն:
Յաջորդող երկու նիստերը տեղի ունեցան յաջորդ օր, առաւօտեան ժամը 11էն 5, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:
Գումարուած երեք նիստերուն ընթացքին կարդացուեցան 10 զեկոյցներ՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն ու Եգիպտոսէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի արատակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եգիպտոս Միջպետական Յարաբերութիւնները» վերնագիրին տակ ներկայացուց շուրջ քսանհինգամեայ այդ յարաբերութիւններուն համապատկերը: Բանասէր Միհրան Մինասեան ներկայացուց «Եգիպտահայ Արաբագիր Հեղինակներ» նիւթը, առանձնացնելով շուրջ երեսնեակ մը եգիպտահայ հեղինակներէն առաւել նշանաւորները՝ Պատր Էլ Ճամալին, Ալթուն Տիւրրին եւ ուրիշներ: Վաստակաւոր կրթական մշակ Ազատուհի Սիմոնեան լուսարձակի տակ առաւ «Եգիպտահայ Արտեմիսը, Իբրեւ Կնոջական Խնդիրներու Յառաջապահ Մամուլ» (անգլերէն) նիւթը ծանրանալով 20րդ դարասկիզբի մեծ ֆեմինիսթ Մարի Պէյլերեանի ողջախոհ գաղափարներուն: Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան իր՝ «Եգիպտահայ Գրատպագրութիւնը Եւ Մամուլը Սկիզբէն Մինչեւ Մեր Օրերը» զեկոյցով տուաւ համապարփակ պատկերը եգիպտահայ գիրքին, մամուլին եւ տպարաններուն պատմութեան: Պետրոս Թորոսեանի զեկոյցը՝ «Պատմական Ակնարկ ՀԲԸ Միութեան Եգիպտոսի Օրկան՝ Միութեան (1912-1927)», երեք հանգրուանի բաժնեց Միութեան 15ամեայ գործունէութունը՝ ըստ անոր հետապնդած նպատակներուն: Նարինէ Մարգարեան, իր «Հայ Որբախնամ Կազմակերպութեան Գործունէութիւնը 1916-23» նիւթին մէջ ծաւալեցաւ ու անդրադարձաւ ընդհանրապէս եգիպտահայ որբախնամ կազմակերպութիւններու եւ անոնց գործունէութեան: Եգիպտահայ Հայկ Աւագեանի «Եգիպտոսի Սինեմայի Եւ Թատրոնի Հայ Դերասանները. Ինքնութեան Խնդիրներ» նիւթը հարցադրումներու առիթ էր հայ ինքնութեան, պատշաճումի եւ ինքնահսատատումի խնդիրներու առումով: Դոկտ. Տիգրան Ղանալանեան՝ «Հայերի Արտագաղթը Եգիպտոսից 1950-1970ականներին» նիւթով վերլուծեց եգիպտահայ արտագաղթը եւ արժեւորումը կատարեց արտագաղթին: Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մշակութային կցորդ դոկտ. Վլադիմիր Պօղոսեան ներկայացուց «Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն Եւ Եգիպտահայութիւնը» նիւթը, լուսարձակի տակ առնելով այդ օգտաշատ յարաբերութիւնը: Պէյրութահայ Ռաֆայէլ Ումուտեան ներկայացուց «Եգիպտահայ Երկու Կաթողիկոս-Պատրիարքներ՝ Գասպարեան Եւ Թարմունի» նիւթը, ծանրանալով երկու երջանկայիշատակ կաթողիկոս-պատրիարքներուն պաշտօնավարութեան եւ ծաւալած գործունէութեան վրայ:
Զեկոյցներու աւարտին ծաւալեցան աշխուժ հարցում-պատասխան եւ քննարկումներ: Նիստերը վարեցին Ասփէ Ճիզմէճեան, Սօսէ Պայրամեան-Կրպոյեան եւ դոկտ. Տագէսեան:
Ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան եգիպտահայ անցեալին ու ներկային հայող հարցեր եւ իրագործումներ:
Երրորդ նիստի աւարտին, դադարէ մը ետք, տեղի ունեցաւ եգիպտահայ հետազօտող տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի «Հայկական Համայնքային Կառոյցները Եգիպտոսի Մէջ» գիրքին գինեձօնը՝ Եգիպտոսի Հայոց առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ: