ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ իրավիճակին առնչութեամբ։ Համանախագահները նշեցին, որ տարածաշրջանի վերջին զարգացումներու լոյսին տակ, նկատի ունենալով շփման գօտիին վրայ լարուածութեան աճը՝ կը պահանջեն, որ հակամարտող կողմերը հաւատարիմ մնան զինադուլին ու ծանր հրետանին ետ քաշեն առաջնագիծէն։
Նշենք, որ Ապրիլ 21ին, Արցախի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած էր, որ Արցախի եւ ատրպէյճանական ուժերու շփ-ման գծին վրայ, ատրպէյճանական զինեալ ուժերը խախտած էին զինադուլը ու կրակ բացած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Նաեւ, շփման գիծի զանազան հատուածներու մէջ, մասնաւորաբար արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան ուղղութիւններու վրայ նկատուած են զինուորներու կուտակումներ ու ծանր հրետանիի տեղաշարժ։