ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վիպագիր Կիւրսել Քորաթ, որ 2016ին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Մոռացկոտ Հայելի» խորագիրով գիրք մը հրատարակած էր, վերջին օրերուն հրապարակ հանեց այդ գիրքին չորրորդ տպագրութիւնը։
Քորաթ այդ գիրքին մէջ կը պատմէ Նեւշեհիր քաղաքին մէջ ապրուած 10 օրերու մասին, իսկ վէպին հերոսները հայեր եւ թուրքեր են։ Վիպագիրը գիրքին իբրեւ նիւթ ընտրած է տեղահանութեան օրերուն Նեւշեհիրի հայոց հոգեկան վիճակը, անոնց կրած չարչարանքները, հայ եւ թուրք դրացիներու միջեւ յարաբերութիւնները եւ իրենց կեանքը փրկելու համար հայոց ապրած տառապանքները։
Քորաթ, այս գիրքի հրատարակութեան առթիւ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է հետեւեալը. «1915ի դէպքերը միայն կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին միջեւ տեղի չունեցան, այլ անոնք հայ եւ թուրք երկու ժողովուրդներուն միջեւ ապրուեցան։ Վէպին մէջ բացորոշ կերպով ցոյց տուի հետեւեալ կէտը, թէ՝ հայոց վտարման տեսարանը կուտ ուտելով դիտող բազմաթիւ մարդիկ կան։ Միւս կողմէ, ժողովո՛ւրդն է, որ վտարուող հայերուն կիները, աղջիկները եւ մանուկները կը յափշտակէ եւ հայոց սպանդին մասնակից կ՛ըլլայ։ Գալով կառավարութեան, ապա կայ քաղաքապետ մը, որ հայերուն պաշտպան կը կանգնի։ Ուրեմն, այս վէպը՝ «իրականութեան մէջ երկու ժողովուրդները իրարու հետ լաւ կը հասկցուէին, բայց կառավարութիւնն ու քաղաքագէտներն էին որոնք գործը խանգարեցին» նիւթով վէպ մը չէ՛»։