ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ շրջանիս զոյգ մասնաճիւղերուն՝ Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլ-Փասատինայի, տեղի կ՛ունենան երաժշտական բարձրորակ ե-լոյթներ Փասատինայի եւ Կլենտէյլի մէջ:
Այս ելոյթներուն կը մասնակցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Վեմ» քառեակի բարձրագոյն կարգի ուսանող-արուեստագէտները: Քառեակի գեղարուեստական տնօրէնն է փրոֆ. Մովսէս Պօղոսեան:
Փասատինայի ելոյթէն ետք, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Ապրիլին, յաջորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 6 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարանին սրահին մէջ: Սոյն ելոյթի արուեստագէտներն են դարձեալ Xenia Deviatkina-Loh (Violin), Ji Eun Hwang (Violin), Morgan O՛shaughnessey (Viola), Niall Ferguson (Cello), Danielle Segen (Mezzo-Soprano) եւ Garrett Schoonover (Bass-Baritone)։
Ելոյթի յայտագիրը պիտի բաղկանայ հետեւեալ հեղինակներու յայտնի գործերէն. Կոմիտաս, Արամ Խաչատրեան, Տիգրան Մանսուրեան, Եդուարդ Միրզոյեան, Ֆրանց Շուպըրթ, Ալան Յովհաննէս, Գեղունի Չիթչեան, Տիգրան Չուխաճեան եւ Ալեքսատր Յարութիւնեան։
Նշենք, որ մենակատար Տանիէլ Սեկըն շարք մը ելոյթներով հանդէս եկած է Երեւանի բեմերուն վրայ:
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է: