ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ճորճ Ծերեթելի յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ ԽՎն ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի իրադարձութիւններուն՝ միաժամանակ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու կոչ ըրաւ։
Ողջունելով Հայաստանի մէջ իրավիճակի կարգաւորման շինիչ ջանքերը, Ծերեթելի յոյս յայտնեց, որ տագնապը արագ քաղաքական լուծում կը ստանայ, որպէսզի կառավարութիւնը կարողութիւնը ունենայ կեդրոնանալու Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը խնդիրներու վրայ:
Ան աւելցուցած է, թէ հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակ Արա Բաբլոյեանի եւ ԵԱՀԿ ԽՎի մօտ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղդալեանի հետ: