ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ խմբակցութեան քարտուղարը որոշուած է: «ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը Արմենուհի Կիւրեղեանն է», ըսաւ ան:
Ռուստամեան անդրադարձաւ Աղուան Վարդանեանի մանդատը (պաշտօնը, պատուիրագիրը-Խմբ.) վար առնելու շուրջ յառաջացած աղմուկին, յատկապէս՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ:
«Լեւոն Տէր Պետրոսեան ոգեւորուած է այդ նիւթով: Կը փորձեն գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծել: Գալով պատգամաւորի սահմանադրական իրաւունքին՝ այո՛, Աղուան Վարդանեան առաջնորդուեցաւ իր համոզումով, չմասնակցեցաւ քուէարկութեան եւ առաջնորդուեցաւ իր խիղճով՝ վար դնելով մանդատը», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան յայտնեց, որ ոմանք ՀՅԴ աւանդոյթներուն ծանօթ չեն: «Այդ աւանդոյթներուն շնորհիւ է, որ այս կուսակցութիւնը 128 տարի մնացած է: Մենք առաջնորդուեցանք մեր կուսակցութեան ներքին կանոններով: Աղուան Վարդանեանի մանդատի վար առնուիլը չի հակասեր սահմանադրութեան», շեշտեց Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Աղուան Վարդանեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի միջեւ տարակարծութիւններ կան, արդեօք անոր հեռացումը այդ տարակարծութիւններուն կը վերագրուի՞. ան ըսաւ որ ՀՅԴի համար անձերու միջեւ հակասութիւնները չեն կրնար հանգեցնել անձի մը հեռացումին: