ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան Չորեքշաբթի, 9 Մայիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ 23 Ապրիլի ցոյցերուն մասնակցած խաղաղապահ զօրագունդի հրամանատար Վաղինակ Սարգսեան գրած է զօրացրման դիմում, զոր ինք ստորագրած է:
Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ հրամանատարին դիմումը այժմ նախագահին մօտ է, եւ վերջնական հաստատուելէն ետք ան կը հեռանայ զօրագնդի հրամանատարի պաշտօնէն: