ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յունական «Քաթիմերինի» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Թուրքիա ահաբեկիչներուն ցուցաբերած իրենց աջակցութեան պատճառով կը կրեն Սուրիոյ մէջ պատերազմի պատասխանատուութիւնը»:
Ասատ ըսաւ, թէ սուրիական բանակին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ արեւմտեան պնդումները՝ «զաւեշտ են եւ շատ նախնական թատրոն մը, զոր կը խաղան միայն սուրիական բանակին դէմ յարձակում գործելու համար, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան կրած պարտութեան շնորհիւ կորսնցուցած են իրենց գլխաւոր խաղաթուղթերէն մէկը»:
«Սուրիա կը պայքարի ահաբեկիչներուն դէմ, որոնք թրքական, ամերիկեան եւ սէուտական վարչակարգերուն բանակն են», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Նախ եւ առաջ պէտք է պայքարիս ահաբեկիչներուն դէմ, ապա երբ յաւելեալ տարածքներ առնես քու վերահսկողութեանդ տակ՝ պայքարիս որեւէ նախայարձակի եւ բանակի դէմ, ըլլայ անիկա թրքական, ֆրանսական կամ որեւէ այլ երկրի, որովհետեւ անոնք թշնամիներ են: Այնքան ատեն, որ ապօրինի կերպով մուտք գործած են Սուրիա, անոնք մեր թշնամիներն են»: