ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Մայիս 20ին, կ.ե. ժամը 1-3։30, համալսարանի «Պովարտ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վերջին իրադարձութեանց նուիրուած քննարկում մը՝ մասնակցութեամբ շարք մը մասնագէտներու։
Քննարկումին՝ հեռակայ կարգով պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Արմէն Սարգսեանը։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
«Վաղուան Հայաստանը» խորագիրին տակ կայանալիք սոյն քննարկումին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել (213) 821-3943 թիւին կամ armenian@usc.edu հասցէին։
reforms takes time understanding positive attitude help desired achievments