ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի խիստ ընդդիմութեան, ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը Մայիս 18ին որոշեց հետաքննութիւն մը բանալ Իսրայէլի բանակին կողմէ այս շաբաթ, բռնագրաւեալ Կազայի մէջ տեղի ունեցած պաղեստինցիներու կոտորածին գծով, միաժամանակ Իսրայէլը ամբաստանելով ուժի չափազանց օգտագործան դիմելու յանցանքով։
47 անդամ ունեցող խորհուրդին 29 անդամները բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին, իսկ 14 երկիրներ ձեռնպահ մնացին։ Անոր դէմ քուէարկեցին Միացեալ Նահանգներն ու Աւստրալիան (Իսրայէլ անդամ չէ խորհուրդին), իսկ մնացեալ երկիրներու ներկայացուցիչները ներկայ չէին քուէարկութեան։
Նշենք, որ Մարտ 30էն ի վեր, Կազայի մէջ կայացող ցոյցերուն ընթացքին ցարդ 106 պաղեստինցիներ, ներառեալ 15 երեխաներ, սպաննուած են իսրայէլացի զինուորներու կողմէ արձակուած փամփուշտներով։ Վիրաւորուած են աւելի քան 12,000 ուրիշներ, որոնցմէ առնուազն 3500ը՝ փամփուշտներով։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ Կազայի դէպքերը պէտք է քննուին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ: