ԱԹԷՆՔ.- Կիրակի, 6 Մայիսին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճանչնանք մեր մշակոյթը՝ պատուելով հայ արուեստի մեծերը» խորագիրը կրող ձեռնարկը:
Շուրջ 2 ամիս նախապատրաստուելէ ետք, »«Համազգային»ի »«Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութիւնը ներկայացուց գեղարուեստական եւ կատարողական բազմաժանր յայտագիրով ձեռնարկ մը, ուր երգը, պարը, ասմունքը, նուագն ու թատերական կենդանի պատկերները հանդիսատեսին տեղափոխեցին 1800-1900ական թուականներ:
Ձեռնարկը նուիրուած էր ծննդեան յոբելեաններուն 9 հայ արուեստագէտներու՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի, Տիգրան Չուխաճեանի, Աշուղ Շերամի, Նար-Դոսի, Սիամանթոյի, Զապէլ Եսայեանի, Վահան Թէքէեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ Ժան Գառզուի:
Հաղորդավարուհի Լուիզա Պօղոսեան, ողջունելով ներկաները՝ բեմ հրաւիրեց վարչութեան ատենապետ Ժագ Տամատեանը՝ բացման խօսք ուղղելու ներկաներուն: «2018 թուականը կը զուգադիպի շարք մը յոբելեաններու. կը տօնենք մեր անուշ Հայաստանի անկախութեան 100ամեակը, կը նշենք Արցախեան շարժման 30 եւ Էրէբունի-Երեւանի 2800ամեակը: Մեր միութենական կեանքին՝ ՀՄԸՄը կը լրացնէ մէկ դար, իսկ 90 տարի առաջ, մայիսեան օր մը, Գահիրէ ծնունդ կ՛առնէ Համազգայինը: Մեր ազգը իր գոյութեան առաջին շրջանէն իսկ, շատ հին դարերէն, եղած է ստեղծագործող եւ ապրած է իր յատուկ մշակոյթով՝ ամենադժուար պայմաններուն ալ տակ, թէ՛ իր սեփական հողին, թէ՛ Սփիւռքին մէջ», ըսաւ Տամատեան։
«Յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը, եւ մէկ ու կէս ժամուան ելոյթը սահուն անցաւ մէկ շունչով՝ հաճելի եւ բովանդակալից: Արհեստավարժ, ինչպէս նաեւ բազմատաղանդ մասնակիցներու շնորհիւ՝ ներկաները իրենց սիրտերուն մէջ փարատեցին հայրենի կարօտը, եւ սէրը դէպի հայկական մշակոյթը յուզիչ պահեր պարգեւեց անոնց», կը նկարագրէ մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր» օրաթերթը:
Ներկայացուեցաւ գեղանկարչութիւններու ցուցադրութիւն պաստառին վրայ՝ պատրաստուած վարչութեան կողմէ, ապա նուագ եւ երգ Աշուղ Շերամի երգերէն։
Կենդանի պատկերներ՝ Նար-Դոսի «Ես Եւ Նա» պատմուածքի հիման վրայ, զոր ներկայացուցին Սառա Միսաքեան եւ դերասան, բեմադրիչ Յովիկ Կարապետեան, ինչպէս նաեւ Զապէլ Եսայեանի կենսագրութենէն եւ ստեղծագործութիւններէն հատուածներ՝ Արմինէ Ղուլարեանի եւ Հռիփսիմէ Կարապետեանի կատարմամբ: Եւս երկու երգ հայ դասականներէ մաս կը կազմէին յայտագիրին՝ Տիգրան Չուխաճեանի «Ազատն Աստուած Այն Օրէն»՝ Անահիտ Սաֆարեան եւ «Զէյթունցիներու Երգը»՝ Յովսէփ Թօփալեան, դաշնակի նուագակցութեամբ Գոհար Չիմանեանի:
Ներկայացուեցաւ «Նանօր» պարախումբի ելոյթը երկու պարով՝ «Զով գիշեր» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի», բեմադրուած՝ բացառապէս այս երեկոյին համար, պարուսոյց Աննա Պօղոսեանի կողմէ:
Ձեռնարկի կազմակերպման համար իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած էին Յովսէփ Թոփալեան, Գէորգ Կիւլիւմեան, Կիւլա Քարապաճաքեան, Սառա Միսաքեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան, Կարօ Աղապատեան եւ Լիանա Վարդանեան:»
Մշակութային երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուեցին հոգեւոր հայրեր, քոյր միութիւններու, շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ արուեստասէր հասարակութիւն մը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին գեղեցիկ կազմակերպուած մշակութային երեկոյին համար եւ մաղթեցին, որ շարունակական ըլլան այսպիսի ձեռնարկները։