ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, ամերիկահայ Հրաչ եւ Նեւրիգ Գեւրիգեաններու կողմէ ապրիլեան պատերազմին զոհուած 28 զինուորներու զաւակներուն նուիրուեցան հեծանիւներ:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Հրաչ Գեւրիգեան յայտնեց, որ այդ նպատակով 56 հեծանիւներ բերուած են Միացեալ Նահանգներէն:
Նուիրատւութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներուն՝ ապրիլեան պատերազմին զոհուած գիւմրեցի հերոս Մերուժան Ստեփանեանի քոյրը՝ Մանիկ Ստեփանեան, ըսաւ, որ կրտսեր Մերուժանը ծնած է եղբօր զոհուելէն ետք: Այսօր ան 2 տարեկան կը դառնայ. անիկա հաճելի նուէր էր անոր տարեդարձին առիթով:
«Այդ հեծանիւներէն 18 հատը նախատեսուած է 10 տարեկանէն փոքր երեխաներու, իսկ մնացածը՝ աւելի մեծերու համար: Ասւկա մեր ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած առաջին նախաձեռնութիւնն է: Սակայն պէտք է նշեմ, որ ունեցած ենք աջակցողներ, եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը վճարած է ճանապարհածախսը», նշեց Գեւրիգեան:
Զոհուած զինծառայողի այրի, 4 երեխաներու մայր Էլլադա Դադայեան յայտնեց, որ այսպիսի ծրագիրները սփոփանք են իրենց կարգավիճակին մէջ գտնուող ընտանիքներու համար: Ըստ անոր՝ իրենք միշտ կը գտնուին հանրութեան, բարերարներու եւ պետութեան ուշադրութեան կեդրունին: