ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի ծիրին մէջ, Շաբաթ, 26 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան. Նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ էին դաշնակցական գործիչներ, գրողներ, պատմաբաններ, գիտնականներ, հիւրեր Վրաստանէն եւ Սփիւռքէն: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական, հասարակական գործիչ, ՀՅԴի անդամ Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուն կազմած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Ժողովածուն կազմելու ընթացքին պատմաբանը մեծամասնութեամբ օգտուած է ՀՅԴի արխիւներէն: Պատմական այս բացառիկ փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն Արամ Մանուկեանի 1904-1915 թուականներուն ծաւալած գործունէութեան վրայ: Ժողովածուին մէջ հրապարակուած են Արամ Մանուկեանի նամակներէն 354ը, որոնցմէ 325ը երբեք չեն տպագրուած: Նամակներէն 260ը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպման համար անհրաժեշտ զէնք-զինամթերքի մատակարարման:
«Նամակները նոր լոյս կը սփռեն եւ կը վկայեն ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Արամ Մանուկեանի ունեցած բախտորոշ դերակատարութեան մասին», իր խօսքին մէջ նշեց հեղինակը:
Փամպուքեան նկատել տուաւ, որ միայն մէկ տարուան ընթացքին՝ 1904էն 1905, Մանուկեան առաւել քան 240 նամակներ գրած է: «Դժբախտաբար 1914-1915 թուականներուն Արամ Մանուկեանէն սակաւաթիւ գրութիւններ պահպանուած են: Այդ տարիներուն Վասպուրականի, ինչպէս նաեւ միւս հայկական շրջաններու կուսակցութեան արխիւները ժամանակին Ժընեւ չփոխադրելու իբրեւ արդիւնք ոչնչացուած են», նշեց Փամպուքեան:
Ըստ ժողովածուի հեղինակին՝ Արամ Մանուկեան բաւական ընթեռնլի ձեռագիր ունեցած է, հակառակ անոր որ նամակներէն շատերը հապճեպօրէն գրուած են: Նամակներուն մէջ կ՛առանձնանան Արամ Մանուկեանի լեզուական եւ ուղղագրական առանձնայատկութիւնները: Փամպուքեան նշեց, որ Արամ Մանուկեան իր նամակներուն մէջ յաճախ գործածած է ծածկանուններ, որոնք հիմնականին մէջ վերաբերած են տեղանուններուն: Գաղտնիութեան նկատառումներէն մեկնելով՝ դաշնակցական գործիչը յաճախ գործածած է թուանշանային ծածկագիրներ:
Խօսելով Արամ Մանուկեան պետական եւ հասարակական գործիչին մասին՝ Փամպուքեան ըսաւ. «Արամ Մանուկեան խստապահանջ եւ կարգապահ կուսակցական էր: Ան օժտուած էր մարդիկը համախմբելու արտասովոր հմայքով եւ կարողութեամբ: Անոր խօսքը յանդուգն էր եւ համոզիչ»:
«Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան նշեց, որ ասիկա Արամ Մանուկեանի փաստաթուղթերուն վերաբերեալ երրորդ հրատարակութիւնն է. «Արամ Մանուկեանի փաստաթուղթերը առաջին անգամ հրատարակուած են Պէյրութի մէջ, Հրաչ Տասնապետեանի կողմէ, երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է ազգային արխիւին մէջ պահուած նիւթերու հիման վրայ, իսկ երրորդը Փամպուքեանի խմբագրած հրատարակութիւնն է, որ հաճելի զուգադիպութեամբ համընկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակին հետ»։
Նշենք, որ նամակներու ժողովածուն լոյս տեսած է 1000 օրինակով: Հատորը տեղադրուած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի
historyofarmenia.am կայքին վրայ: