ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- «Էօզկիւրտերսիմ» կայքի թղթակից Էրճան Թօփաչ հրապարակած է վերեւի խորագիրը կրող յօդուած մը, զոր Մելինէ Անումեանի թարգմանութեամբ կ՛արտատպենք ստորեւ.
«Թէեւ Երզնկայի Դերճան գաւառին ենթակայ Ուչփընար գիւղի Ս. Դաւիթ ¤Ապրանք) վանքը, որ ենթարկուած է բազմաթիւ աւերներու, կը նկատուի Անատոլուի ամենաամուր հայկական վանքերէն մէկը, այնուհանդերձ վանքի եկեղեցին, մատուռն ու հսկայական խաչքարերը դեռ կանգուն են։
Ուչփընար գիւղի Վանք լերան վրայ կը գտնուի այս կառոյցը, որ 19րդ դարուն կը հանդիսանար շրջանի հոգեւոր կեդրոնը։ Վանքի երկու խաչքարերը ամենամեծն են այդ տարածաշրջանին մէջ։ Խաչքարերուն վրայ կան հայերէն բազմաթիւ գրութիւններ։ Չորս մեթր բարձրութեամբ ու մէկ մեթր լայնութեամբ խաչքարերէն մէկուն վրայ փորագրուած են 1191, իսկ միւսին վրայ 1194 թուականները, այսինքն՝ այս խաչքարերը առնուազն 800ամեայ գաղտնիք կը պարունակեն։ Վանքը բազմիցս ենթարկուած է գանձագողերու աւերին։
Շրջանի բնակիչներէն Իսմայիլ Եօլէրին լրատուութեան հեղինակին հետ խօսելու ընթացքին ըսաւ. «Երբ հոս եկանք, հանդիպեցանք պատմական գեղեցկութեան մը, սակայն անոր մէկ հատուածը աւերակի վերածուած էր գանձագողերու կողմէ։ Պէտք է, յանուն զբօսաշրջութեան զարգացման, շուտափոյթ վերականգնենք այս վանքը»։
Թօփաչ զրոյց մը ունեցաւ նաեւ լուսանկարիչ Մալիք Քայայի հետ, որ ըսաւ. «Մէկ խօսքով՝ հիասքա՛նչ վայր է։ Մէկուկէս ժամէ ի վեր հոս ենք։ Այստեղ կրնանք առնուազն շաբաթ մը մնալ եւ լուսանկարումներ ընել։ Շատ բան կայ լուսանկարելու։ Ոգեւորուած եմ, որ այսպիսի բան կը տեսնեմ։ Քանի որ նոր վայր մը իմ լուսանկարչական գործիքովս կ՛անմահացնեմ։ Միւս կողմէ, սակայն, կը ցաւիմ, որ այստեղ փոսեր փորուած են։ Հարկ է, որ իրաւասու մարմիններ ժամ առաջ պահպանութեան տակ առնեն այս յուշարձանը եւ վերականգնեն զայն»։