ԼՈՆԿ ՊԻՉ.- Շաբաթ, Յունիս 9ին, կ.ե. ժամը 1ին, Լոնկ Պիչի «Թերըս» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ՝ հանգուցեալ Ճորճ Տէօքմէճեանի իրագործումները յիշատակող ձեռնարկ մը։
Ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Սթիւ Մըրքսամըր, Քեն Խաչիկեան, դատաւոր Մարվ Պեքսթըր, Պապ Ֆոսթըր, իսկ ընտանիքին խօսքը պիտի փոխանցէ հանգուցեալի զաւակը՝ Ճորճ Տէօքմէճեան կրտեսրը։
Նահանգին 35րդ կառավարիչը հանդիսացած Ճորճ Տէօքմէճեան մահացաւ անցեալ Մայիս 9ին, 89 տարեկան հասակին։ Ան պաշտօնավարած էր 1983-1991 տարիներուն։ Ան նաեւ 16 տարիներով եղած է նահանգային օրէնսդիր մարմինի անդամ, իսկ չորս տարի՝ նահանգի ընդհանուր դատախազ: Զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Նիւ Եորք հաստատուած ծնողներու։
«Թերըս» թատերասրահի հասցէն է՝ 300 East Ocean Boulevard, Long Beach, CA 90802։