Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանը:
Յունահռոմէական ոճի 55 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Նորայր Ախոյեան: Ան 10-2 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց իր հունգարացի մրցակիցին դէմ:
Նոյն յաջողութիւնը կրկնեց նաեւ 63 քլկ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Սլաւիկ Գալստեան, որ 5-2 արդիւնքով յաղթեց այլ հունգարացիի մը: