ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան Երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Քննչական կոմիտէի աշխատակազմին հետ եւ անոնց փոխանցած իր հրաժարելու մասին լուրը:
Աղուան Յովսէփեան իրաւապահ համակարգին մէջ մասնագիտական իր գործունէութիւնը սկսած է 1974ին՝ ԵՊՀ իրաւաբանական բաժինը աւարտելէն անմիջապէս ետք:
Ա. Յովսէփեան յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ զբաղիլ ստեղծագործական, գիտական, մանկավարժական եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեամբ:
Յովսէփեանի փոխարէն կառավարութիւնը Երկուշաբթի, 11 Յունիսին գումարած արտահերթ նիստին ընթացքին Քննչական ծառայութեան նոր պետ նշանակեց Սասուն Խաչատրեանը՝ վեց տարի ժամկէտով: