ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Քամըն Տրիմզ».- Քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան Մարթին Լութըր Քինկի կողմէ 1968ին կայացած Աղքատներու արշաւի յիսնամեակը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ աղքատութեան տարածումը լուսարձակի տակ առնելու համար, քանի մը շաբաթէ ի վեր երկրի տարածքին տեղի կ՛ունենան համակարգուած ցոյցեր, որոնց ընթացքին նաեւ տասնեակներով ցուցարարներ ձերբակալուեցան։
Յունիս 12ին, Գերագոյն ատեանի շէնքին առջեւ կայացած ցոյցին ընթացքին եւս տեղի ունեցած են ձերբակալութիւններ. ձերբակալեալներուն մէջ եղած են նաեւ կրօնականներ, որոնք կը դատապարտէին ծայրայեղ հարուստ փոքրամասնութեան մը եւ ժողովուրդի մեծամասնութեան միջեւ եկամուտի հետզհետէ խորացող վիհը։
Նշենք, որ ծայրայեղ աղքատութեան հարցերով ՄԱԿի յատուկ զեկուցող Ֆիլիփ Էլսթըն վերջերս Միացեալ Նահանգներու շարք մը նահանգներ այցելած էր՝ հասնելով այն եզրակացութեան, որ ներկայիս աւելի քան 41 միլիոն ամերիկացի, կամ՝ բնակչութեան 12.7 տոկոսը, աղքա՛տ է, իսկ անոնցմէ 18.5 միլիոնը՝ ծայրայե՛ղ աղքատ, եւ աւելի քան 550,000ը անտուն կը մնայ։ Ան յիշեցուցած է, որ ճարտարապետականացած երկիրներուն մէջ, Միացեալ Նահանգները ամենաբարձր համեմատութեամբ աղքատ ունի, միաժամանակ ազդարարելով, որ մեծահարուստներուն եւ հսկայ ընկերութիւններուն հսկայական շահեր ապահոված նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան օրերուն կացութիւնը սկսած է շատ աւելի արագ վատթարանալու։
Էլսթըն կոչ ըրած է Ուաշինկթընին, որ ընկերային ապահովութեան աւելի լաւ պայմաններ ստեղծէ եւ վերջ տայ «աղքատները պատժելու ու բանտարկելու» քաղաքականութեան։