Պրիւքսէլի «Առաջընթաց» միութեան հայկական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Ասպետ» ձեռնարկը։
Յասմիկ Պաքմասեան «Հայերն Այսօր»ին տեղեկացուց, թէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկի աշխատանքները մեծ խանդավառութեամբ եւ առանձնայատուկ պատասխանատուութեամբ համակած էին բոլորը: Այս յոբելենական տօնի ծիրին մէջ, դպրոցին մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեկնարկեց «Հայ Ասպետ» խաղը, որուն ընթացքին իրենց գիտելիքներով փորձեցին մրցիլ աշակերտները: Ձեռնարկի կարեւորութիւնը եւ «Հայ Ասպետ»ի մեկնարկը մեծ ընդունելութիւն գտան բոլորին մօտ։