ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Ստեղծարար Հայաստան» («Creative Armenia») հիմնադրամին միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան մասին յուշագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ յայտնաբերելու տաղանդաւոր արուեստագէտներու, նպաստելու անոնց հմտութիւններու զարգացման եւ դուրս բերելու զանոնք միջազգային շուկայ:
Ուրբաթ, 15 Յունիսին, մշակոյթի նախարարութեան մէջ յուշագիրը ստորագրեցին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց եւ «Creative Armenia» հիմնարկի տնօրէն Կարին Յովհաննէսեան:
«Նման համագործակցութիւնը կը նպաստի մշակութային ոլորտի թարմացմանը, նոր գաղափարների ներմուծմանը: Այդ նպատակով կ՛աշխատենք հէնց «Ստեղծարար Հայաստան» հիմնադրամի հետ. այն չունի երկար պատմութիւն, բայց հիմնադրամում ներգրաւած են մարդիկ, որոնց աշխատանքային փորձը, պրոֆեսիոնալիզմը, մարդկային որակները թոյլ չեն տայ ձախողել», նշեց Լիլիթ Մակունց:
«Այս յուշագիրը փաստում է, որ նախարարութեան հետ համագործակցելու ենք տարբեր ուղղութիւններով եւ նպատակը ստեղծարար արդիւնաբերութիւն ունենալն է: Ցանկանում ենք գտնել տաղանդաւոր արուեստագէտների, նրանց միջազգային շուկայ հասցնել: Ոչ միայն կը տրամադրենք ֆինանսական օգնութիւն, այլեւ մի ամբողջ գործիքակազմ, որի մէջ ներգրաւելու են թէ՛ բիզնես, թէ՛ տեխնոլոգիական, թէ՛ մարքեթինգային գործիքներ», ըսաւ Կարին Յովհաննէսեան:
«Creative Armenia»ն հիմնուեցաւ տարի մը առաջ: Հիմնարկի անդամ են Սերժ Թանքեան, Արսինէ Խանճեան, սփիւռքահայ յայտնի այլ արուեստագէտներ, որոնց գործունէութեան առանցքը կը հանդիսանայ հայ մշակոյթի վերածնունդը՝ աշխարհի տարածքին հայ տաղանդներուն յայտնաբերելու եւ անոնց նորարարական գաղափարներուն օժանդակելու ճանապարհով:
Հիմնարկը պարզապէս գումար չի տար արուեստագէտին, այլ կ՛օգնէ անոր կայացման, «արտադրութեան», համաշխարհային մշակութային հարթակի վրայ ներկայանալու ամբողջ գործընթացին: