ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ 16 Յունիսին ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը:
Վարչապետը բարձր գնահատեց հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ ընդգծեց, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու հարցն է ոչ միայն ամրապնդել, այլ նաեւ նոր թափով զարգացնել զանոնք:
«Վստահ եմ, որ այդ ցանկութիւնը երկուստեք է: Մեծ ակնկալիքներով սպասում ենք Ֆրանսիայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այցին ու պատասխանատուութեամբ նախապատրաստւում աշնանը Երեւանում կայանալիք Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովին», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:
Դեսպան Լաքոթ նշեց, որ վերջին քաղաքական զարգացումները թոյլ կու տան նոր ձեւով վերաբերելու հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն:
«Ֆրանսայի մէջ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէին Հայաստանի իրադարձութիւններուն եւ այժմ շատերուն մօտ կայ այստեղ գալու փափաք։ Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ փոխգործակցութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակի զարգանալ, որովհետեւ ձեր նախաձեռնած յեղափոխութեան արժէքները կը համապատասխանեն այն արժէքներուն, զորոնս կ՛որդեգրէ կազմակերպութիւնը», ըսաւ դեսպանը:
Ժոնաթան Լաքոթ ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահը պատրաստակամ է ընդառաջելու Հայաստանին եւ նպաստել երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման՝ էապէս կարեւոր նկատելով տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացումն ու խորացումը:
Դեսպանը շեշտեց, որ Ֆրանսա այսօր, աւելի քան երբեք, Հայաստանի կողքին է՝ Հայաստանի նոր կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներուն աջակցելու նպատակով: