ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Կարօ եւ Ռիթա Սալխանեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 14 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Յաղթանակ Շահումեանի (Յաղթօ) «Ցնորք եւ իրականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ արուեստասէր բազմութեան:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, ողջունելէ ետք ներկաները՝ պատիւ նկատեց ցուցասրահին մէջ հիւրընկալել հայրենի վաստակաւոր ժողովրդական արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեանը: Ան նկատել տուաւ, որ Շահումեանի համար արուեստը ամբողջական ապրում է, կեանք է, նաեւ այդ ճամբով իր պայքարն է յանուն արդարութեան, գեղեցիկին, վսեմին եւ բարձրին:
Շարունակելով իր խօսքը՝ ան նկատել տուաւ, որ մշակութային գործը եւ առաքելութիւնը նուիրում, հաճոյք եւ հոգեկան գոհունակութիւն է, որ սակայն պէտք է ունենայ աջակցութիւն՝ շեշտելով, որ մշակոյթը չ՛ապրիր առանց ժողովուրդին:
Հայրենի արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեան իր սիրտի խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբ Հաւաթեանին՝ զինք ներկայացնելուն համար: Ան նկատել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը 100ամեակներ շարունակ իր պետականութիւնը չունենալուն պատճառով տարածուած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ իր ինքնութիւնը պահպանած է իր մշակոյթով՝ ընտանիք, եկեղեցի, երկիրը վերականգնելու յոյս եւ հաւատք: Ան յայտնեց, որ Լիբանանը կոչուած է արեւելքի Փարիզը, եւ մեր ժողովուրդը մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի բարգաւաճման հոլովոյթին մէջ՝ աւելցնելով, որ հայը ո՛ւր որ գտնուած է, իր ստեղծագործութեամբ եւ մշակոյթով աջակից եղած է երկիրներու ստեղծման եւ կառուցման: Շահումեան նկատել տուաւ, որ ցուցադրուած պաստառները 40-50 տարուան իր աշխատանքի արգասիքն են, եւ եզակի առիթ նկատեց սոյն ցուցահանդէսով մասնակից եւ աջակից ըլլալ Համազգայինին, որ տասնամեակներ շարունակ աշխարհի զանազան ծագերուն աջակից եղած է հայ մշակոյթի տարածման եւ մինչեւ օրս այդ աշխատանքը կը տանի պատիւով ու մեր ազգին վայել կեցուածքով:
Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, ապա ներկաները վայելեցին ցուցադրուած 32 պաստառները:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 Յունիս։