ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի խորհրդարանը առաջին ընթերցումով ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը, որով 1 Յուլիսէն կուտակայինի պարտադիր բաղադրիչը կիրարկման ենթակայ պիտի ըլլայ: Միայն Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկեց: ՀՀԿ, «Ծառուկեան», «Ելք» խմբակցութիւնները կողմ քուէարկեցին:
Նախքան քուէարկութիւնը վարման կարգով խօսք առաւ «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զուհրապեան: Ան յայտնեց, որ «Ծառուկեան» դաշինքը մշտապէս դէմ արտայայտուած է պարտադիր բաղադրիչին:
«Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը չենք փոխած: Այդուհանդերձ, ներկայացուած տարբերակը որոշակիօրէն կը մեղմացնէ երիտասարդ ընտանիքներուն բեռը: Քննարկելով մեր գործընկերներուն հետ կը քուէարկենք կողմ՝ պայմանով, որ կառավարութեան հետ շարունակենք քննարկումները պարտադիր բաղադրիչը ընդհանրապէս հանելու համար», ըսաւ պատգամաւորը:
Վարման կարգով խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան նոյնպես յիշեցուց, որ ՀՅԴն իր սկզբունքային դիրքորոշումը յայտնած է, բայց այս նախագիծին ձեռնպահ պիտի քուէարկեն: «Մենք այս նախագիծին ձեռնպահ պիտի քուէարկենք, որովհետեւ անիկա թէեւ կը բարելաւուի, բայց չի լուծեր կարեւոր հարցը՝ պարտադիր բաղադրիչի վերացման հարցը, որուն դէմ պայքարած ենք երկար տարիներ: Անիկա լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ՝ կը խափանէ եւ կը խաթարէ սերունդներու միջեւ համերաշխութեան սկզբունքը, կը խաթարէ անձի սեփականութեան իրաւունքը եւ կը ստիպէ, որ մարդ, այսօրուան իր հարցերը չլուծած, գումար մէկ կողմ դնէ վաղուան համար», ըսաւ Ռուստամեան:
«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան, իր կարգին ըսաւ, որ այսօր իրավիճակը այնպիսին է, որ ասիկա հրատապ քայլ է եւ պէտք է անիկա կատարուի: «Սակայն կառավարութիւնն ալ կ՛ըսէ, որ պարտադիր բաղադրիչի էջը փակուած չէ, բայց քանի որ բարելաւում կայ, կողմ կը քուէարկենք», յայտնեց ան:
«Սակայն կառավարութիւնն ալ կ՛ըսէ, որ պարտադիր բաղադրիչի էջը փակուած չէ, բայց քանի որ բարելաւում կայ, կողմ կը քուէարկենք», յայտնեց «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան:
Ի՞նչ: Ո՞վ բան հասկացաւ: