– Ըստ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի՝ Վրաստան ապագային պիտի դառնայ դաշինքի անդամ. այդ գծով սկսած աշխատանքը պիտի շարունակուի։ «Մենք ամբողջութեամբ կ՛աջակցինք Վրաստանի եւրատլանտեան ձգտումներուն», ըսած է Սթոլթենպերկ՝ յիշեցնելով, որ դաշնակիցները միացեալ յայտարարութեան մէջ ճանչցած են Վրաստանի յառաջընթացը՝ բարեփոխումներու կատարման մէջ: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր կարգին յայտարարեց. «Վրաստան կրնայ ապագային միանալ ՆԱԹՕին, սակայն ոչ հիմա»։
– Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարար Լի Շինկանկ, մեկնաբանելով չինական 200 միլիառ տոլար արժող ապրանքներու ներածումին վրայ եւս յաւելեալ մաքսատուրքեր հաստատելու կապակցութեամբ Ուաշինկթընի նորագոյն ազդարարութիւնը՝ յայտնեց. «Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փոխադարձ եւ լայնածաւալ մաքսատուրքերու յաւելումը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի կասեցման: Այս քայլերը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենան տնտեսական համաշխարհայնացման վրայ եւ պիտի վնասեն տնտեսութեան միջազգային համակարգին»: