ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական ծրագիրով գնուած 22րդ բնակարանի յանձնման արարողութիւնը:
Սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով՝ բնակարանը գնուեցաւ պոլսահայ Ստեփան Պալըքի կողմէ եւ իբրեւ նուէր յատկացուեցաւ Վանաձորի Ս. Փեթերսպուրկ տնակային աւանին մէջ բնակող Սուրէն Նալբանդեանի ընտանիքին՝ ի յիշատակ պոլսահայ Արմէն Պալըքի:
Նալբանդեան ընտանիքը բաղկացած է 5 անձերէ եւ կ՛ապրէր փոքրիկ, նեղ, տարրական պայմաններէ զուրկ 27 քառակուսի մեթր թիթեղաշէն տնակի մը մէջ: