ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ փնտռտուքի մէջ է՝ գտնելու համար կազմակերպութեան գործավարի պաշտօնին յարմար թեկնածուներ, անոնցմէ ընտրելու համար յաջորդ գործավարը։ Վարչութիւնը կը նախընտրէ, որ թեկնածուները հաստատուած ըլլան Պոսթըն, Նիւ Եորք կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն։
Գործավարի աշխատանքին մանրամասնութեանց ծանօթնալու համար, դիմել ancaer@anca.org հասցէին։