ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 10 Յուլիսին, Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինին կողմէ «Արմօյլ» ընկերութեան նկատմամբ յարուցուած վարչական վարոյթի ծիրին մէջ պարզուած է, որ նախքան Կոտայքի մարզի Եղուարդ քաղաքի Նատի թաղամասին վրայ նաւթավերամշակման գործարանի շինարարութեան սկսիլը, «Արմօյլ» չէ իրականացուցած «Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման եւ փորձաքննութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով նախատեսուած հիմնադրոյթային փաստաթուղթերու հիման վրայ գործարանի յետագայ կառուցումով շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութեան գնահատում եւ փորձաքննութիւն:
Մեկնելով վերոյիշեալէն, Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինի ղեկավար Արթուր Գրիգորեան 16 Յուլիսին կասեցուցած է նաւթավերամշակման գործարանի շինարարութիւնը մինչեւ «Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման եւ փորձաքննութեան մասին» օրէնքով նախատեսուած հիմնադրութային փաստաթուղթերու շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատումը եւ փորձաքննութեան դրական որոշման ստացումը: