ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 16 Յուլիսին, Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկեցին ՀՅ Դաշնակցութեան Երիտասարդական միութիւններու երկու ճամբարներ՝ Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ երկու դպրոցին մէջ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայկ Բալասանեանի անուան թիւ 5 դպրոցին մէջ՝ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ ընթացող ճամբարները:
10-16 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած այս ճամբարները պիտի տեւեեն 10 օր: Ճամբարներու կազմակերպչական եւ ընթացիկ աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւնները:
Թիւ 5 դպրոցին մէջ կարմիր, կապոյտ եւ ծիրանագոյն խումբերու բաժնուած 150է աւելի պատանիները հնարաւորութիւն ունին արձակուրդային օրերուն բարելաւելու հայոց պատմութեան եւ անգլերէնի իրենց գիտելիքնեըը, ձեռք բերելու նոր ընկերներ, երգելու եւ խաղալու: Ճամբարի սկիզբը ամէն օր կ՛ազդարարու առաւօտեան ժամը 10ին «Մշակ Բանուոր» քայլերգով եւ կ՛աւարտի կէսօրէն ետք ժամը 4ին՝ Արցախի քայլերգով:
Արցախ ժամանած աւստրալահայ 28 երիտասարդներ մինչ այդ երկշաբաթեայ բանակումի մասնակցեցան, Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ: Արցախի մէջ Աւստալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը առաջին անգամն է, որ ճամբար կը կազմակերպէ: 2015ին Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան 5 անդամներ մասնակցած էին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանին կողմէ Արցախի մէջ կազմակերպուած ճամբարին եւ անկէ ետք է, որ 2016ին առաջին ճամբարը կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ: