ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Աւելի քան 8 ժամ տեւած փոթորկոտ նիստէ մը ետք, Իսրայէլի խորհրդարանը 62 թեր եւ 55 դէմ քուէներով վաւերացուց օրինագիծ մը, որ կը նշէ, թէ Իսրայէլ «հրեայ ժողովուրդին ազգային պետութիւն»ն է, եւ երկրին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը «միայն հրեայ ժողովուրդին կը պատկանի»:
Որդեգրուած օրէնքը նաեւ եբրայերէնը կը համարէ իբրեւ Իսրայէլի մէջ պաշտօնական միակ լեզուն, արաբերէնը զրկելով մինչեւ հիմա եբրայերէնի կողքին իր վայելած այդ կարգավիճակէն:
Օրէնքը նաեւ կը նշէ, թէ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ «հրէական բնակեցման վայրերու կառուցումը ազգային շահ մըն է» եւ կ՛ընդգծէ, որ «ամբողջական ու միացեալ» Երուսաղէմը երկրին մայրաքաղաքն է, մինչ պաղեստինցիները կը ջանան Արեւելեան Երուսաղէմը ապագայ Պաղեստինի մայրաքաղաքը դարձնել:
Խորհրդարանի պաղեստինցի երեսփոխանները դատապարտեցին օրինագիծը, զայն «ազգայնամոլ» որակելով, սակայն օրէնքին ջատագով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց, որ անոր որդեգրումը «Իսրայէլի պատմութեան մէջ վճռորոշ պահ մըն է»:
Պաղեստինցի երեսփոխան Ահմետ Թիպի յայտնեց, որ օրինագիծին որդեգրումը «ժողովրդավարութեան մահն է»:
Պաղեստինցիները կը կազմեն Իսրայէլի շուրջ 9 միլիոն բնակչութեան 20 առ հարիւրը:
Արաբական լիկան եւս դատապարտեց Քնեսեթի կողմէ «ցեղապաշտական» օրէնքին վաւերացումը, իսկ Եւրոմիութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց օրէնքին նկատմամբ: