ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) մամլոյ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով հաւանաբար պիտի դիմէ գլխաւոր դատախազին՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութեամբ:
«Անհրաժեշտութեան դէպքում ես պատրաստ եմ դիմել գլխաւոր դատախազին, որպէսզի Ռոբերտ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխուի: Համոզուած եմ, այս նախաձեռնութեանը կը միանան բաւականաչափ թուով պատգամաւորներ», ռուսական «Ինթերֆաքս»ին յայտնած է Շարմազանով:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) արդէն ստորագրահաւաքի սկսած է Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու պահանջով:
«Մենք գործընթաց սկսել ենք, ինչը բխում է թէ՛ կուսակցութեան, թէ՛ խմբակցութեան կողմից գործի առնչութեամբ արուած յայտարարութիւններից», յայտնեց ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան:
Աշոտեան, միաժամանակ աւելցուց, որ այդ ստորագրութիւնները յետագային որպէս պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութիւն պիտի ներկայացուին դատարան՝ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու համար: