ԷՐՏՈՂԱՆ ԴՐԺԱ՞Ծ Է ԹՐԱՄՓԻՆ ՏՈՒԱԾ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու 3 Օգոստոսին, Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու 51րդ ժողովի ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակիցներուն՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մայք Փոմփէոյի հետ:
Փոմփէոյի հետ հանդիպումէն ետք, Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ ծագած նորագոյն տագնապը լուծելու համար, Թուրքիա որդեգրած է դիւանագիտական մօտեցումը:
«Սկիզբէն ըսինք, որ սպառնալիքի լեզուով խօսիլը եւ պատժամիջոցներու դիմելը որեւէ արդիւնք չի տար: Այսօր նոյնը կրկնեցինք եւ կը կարծենք, որ շատ լաւ ընկալուեցաւ: Մայք Փոմփէոյի հետ մեր հանդիպման ընթացքին քննեցինք, թէ ինչպէս պիտի լուծենք գոյութիւն ունեցող հարցերը։ Կրնամ ըսել, որ հանդիպումը շատ կառուցողական էր: Անշուշտ, կարելի չէ ակնկալել, որ մէկ հանդիպումով անմիջապէս լուծուին այս հարցերը, բայց համաձայնեցանք սերտ համագործակցութեամբ, երկխօսութեամբ եւ աշխատանքով լուծել զանոնք: Պիտի շարունակենք համատեղ քայլերու ձեռնարկել եւ աշխատիլ», ըսաւ Չաւուշօղլու:
Նորագոյն տագնապը ծագած էր Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը ազատ չարձակելու թրքական որոշումին պատճառով։ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը, իր տեղեկութիւնները Սպիտակ տան աղբիւրներէն քաղելով՝ կը հաղորդէ, թէ անցեալ ամիս նախագահներ Թրամփ եւ Էրտողան հասած էին համաձայնութան մը՝ ըստ որուն, Պրանսընի ազատ արձակումին փոխարէն, Թրամփ պիտի ապահովէ Իսրայէլի մէջ «Համաս»ին հետ գործակցելու յանցանքով բանտարկուած 27ամեայ թուրք կնոջ մը ազատ արձակումը։
Հակառակ այն իրողութեան, որ կինը 15 Յուլիսին Թուրքիոյ յանձնուեցաւ, Թուրքիա որոշեց պարզապէս բանտէն տնային կալանքի պայմաններուն տակ պահել Պրանսընը, խստօրէն զայրացնելով Թրամփը։
Միւս կողմէ, «Մարմարա» հարց կու տայ, որ երկու թուրք նախարարներուն դէմ պատժամիջոցները, որոնք կ՛առնչուին Ամերիկայի մէջ անոնց գումարներուն, կալուածներուն կամ եկամուտներու սառեցման, որքա՞ն ազդու կրնան ըլլալ, «մանաւանդ երբ նախարարներէն մէկը կը յայտարարէր, որ Ամերիկայի մէջ ոչ միայն դրամ չունի, այլ նոյնիսկ տնկուած ծառ մը չունի»։
Իր կարգին, Պրանսըն վերջ տուաւ իր լռութեան ու իր փաստաբանին միջոցաւ յայտնի դարձուց, որ շատ մտահոգ է իր պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած այս ծանր տագնապէն՝ աւելցնելով, որ ժամ առաջ իր երկիրը վերադառնալ կ՛ուզէ։
Յիշեցնենք, որ ան Իզմիրի մէջ ձերբակալուած ու բանտարկուած էր լրտեսութիւն ընելու ու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ի նպաստ գործելու մեղադրանքով։