Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը նշուեցաւ նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ։ Այս մասին կը գրէ «Արեւելք» կայքը՝ նշելով որ տօնին առիթով Ս. պատարագ մատուցուեցաւ քաղաքի հայկական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագը մատոյց Ներսէս քհնյ. Ներսէսեան, իսկ արարողութեան հանդիսապետեց ու այս առիթով յաւուր պատշաճի քարոզ արտասանեց Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան։
Նշենք որ Մանչեսթըրի հայկական գաղութը կը նկատուի Մեծն Բրիտանիոյ ամենահին գաղութներէն մին։ Անոր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին 150 տարուան հնութիւն ունի եւ կը նկատուի հայերու ձեռամբ Եւրոպայի մէջ կառուցուած ամենահին պատմական եկեղեցին։