ՊՈՍԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Նախաձեռնութեամբ «Պոսթըն Կլոպ» թերթին, Հինգշաբթի, Օգոստոս 16ին ամերիկեան մօտաւորապէս 350 օրաթերթեր իրենց խմբագրականները նուիրեցին խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան՝ քննադատելով «կեղծ լուրեր»ու դէմ նախագահ Տանըլտ Թրամփի սկսած խաչակրութեան եւ իր այն պնդումներուն, թէ լրագրողները «ժողովուրդի թշնամին»ներ են:
«Պոսթըն Կլոպ»ի խմբագրականին մէջ կը շեշտուի, թէ Թրամփի շարունակական յարձակումները վնաս կը հասցնեն մամլոյ ազատութեան՝ յիշեցնելով նախագահին, թէ «Միացեալ Նահանգներու հզօրութիւնը կախեալ է խօսքի ազատութենէն»:
Մամլոյ այս արշաւին միացած են Մէյնէն մինչեւ Հաուայիի մէջ լոյս տեսնող թերթեր, ներառեալ շարք մը թերթեր, որոնք 2016ի ընտրութիւններուն ժամանակ նեցուկ կանգնած էին Թրամփին։
Սպիտակ տան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր, Թրամփ կոշտ կերպով կը քննադատէ զինք քննադատող լրատուամիջոցները՝ պնդելով, որ անոնք շինծու տեղեկութիւն կը տարածեն:
Այօուայի մէջ լոյս տեսնող «Տէ Մոյն Ռեճիսթըր»ը կը գրէ, թէ «ժողովուրդին եւ ժողովրդավարութեան իսկական թշնամիները անո՛նք ենք, որոնք կը փորձեն լռութեան մատնել լրաբերը», իսկ «Ֆայէթվիլ Օպզըրվըր»ը (Հիւսիսային Քարոլայնա) յոյս կը յայտնէ, թէ Թրամփի համակիրները վերջապէս կը գիտակցին, թէ իրականութիւնները շրջողը ինքնին նախագա՛ն է, որ այդ մօտեցումով կը փորձէ իր շահերը պաշտպանել։

Իր կարգին, Սէյնթ Լուիսի մէջ լոյս տեսնող «Փոսթ-Տիսփեչ»ը «իսկակա՛ն հայրենասէրներ» կը կոչէ լրագրողները, իսկ «Շիքակօ Սան Թայմզ»ը կը գրէ, թէ ամերիկացիներուն մեծ մասը գիտէ, որ Թրամփի պնդումները անհեթեթութիւններ են:
Յատկանշական է, որ այս արշաւը տեղի ունեցաւ այն օրը, երբ Թրամփ «Սի.Այ. Էյ.»ի նախկին տնօրէն Ճան Պրենընէն խլեց գաղտնի տեղեկութեանց ծանօթանալու իրաւասութիւնը, պարզապէս որովհետեւ ան յաճախ կը քննադատէ Թրամփի քայլերը։
Պրենըն դատապարտեց «զինք քննադատողները լռեցելու համար տրուած եւ քաղաքական նպատակներ հետապնդող» Թրամփի որոշումը՝ աւելցնելով, թէ կասկած չկայ, որ Թրամփի ընտրապայքարը գործակցած է Ռուսիոյ հետ, իր յաղթանակը ապահովելու համար, եւ որ այժմ միայն կը մնայ փաստել, թէ արդեօք այդ գործակցութիւնը դաւաճանութեան մակարդակի կը հասնի՞։